2014-01-03 10:02:00

Ողջախոհութեան առաքինութիւնը` ամուսնական կեանքին մէջ


RealAudioMP3 Ողջախոհութիւնը կարելի է սահմանել հետեւեալ պարզ բառերով. «Ունակութիւնը կանոնաւորելու ծննդեան կարողութեան գործունէութիւնը` հաւատքին սկզբունքներուն համեմատ»: Կարելի է նաեւ զայն սահմանել իբր «ունակութիւնը կանոնաւորելու հաճոյքը փնտռելու ձգտումը»: Երրորդ սահմանում մըն ալ կրնանք տալ ողջախոհութեան. «Ունակութիւնը հակակշռելու սեռային ախորժը կամ սեռային տենչանքը` հաւատքին սկզբունքներուն համեմատ»:
Կեանքի մէջ արտաքին զանազան միջոցներ կան որոնցմով զոյգ մը կամ կրօնաւոր մը նաեւ գործածելու է ինքզինքը ողջախոհ պահելու համար: Առաջին միջոցը մահացուցումն է: Մահացուցում մարմնի, զգայարանքներուն եւ ներքին կարողութիւններուն: Ս. Պօղոս կ՛ըսէ. « Կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ մարմինս»: Ս. Ալփոնսոս կ՛ըսէ. « Այնպէս վարուելու ենք մեր մարմինին հանդէպ, ինչպէս որ ձիաւոր կը վարուի կատաղի ձիու մը հետ, զայն միշտ սանձով կը զսպէ, որպէսզի զինքը վար չտապալէ»:
Ողջախոհութիւնը առաքինութիւն մըն է: Ան չի կայանար սեռային գործունէութենէ լիովին զգուշանալու մէջ: Ամուսնացեալները կը գործադրեն ամուսնական ողջախոհութեան առաքինութիւնը, պատշաճեցնելով ծննդական կարողութեան կիրարկումը ամուսնական վիճակին համար Աստուծմէ կարգադրուած սահմաններուն: Իսկ ոջ ամուսնացեալներուն համար ողջախոհութիւնը չափաւորութիւն է, որ կը նշանակէ բոլորական հրաժարում, որովհետեւ այս կարողութեան կիրարկումը վերապահուած է ամուսնացեալներուն:
Ամուսնութիւնը հիմնուած է ողջախոհության վրայ, որովհետեւ անոր նպատակը որդեծնութիւնն է: Այր եւ կին, իբրեւ իրենց Եկեղեցւոյ ճշմարիտ անդամներ, պէտք է մաքրակենցաղ ըլլան, որպէսզի իրենց միութիւնն արդիւնաւոր ըլլայ, տուն, ընտանիք կազմուի, եւ Եկեղեցին զօրանայ նոր ուժերով:
Եւ որովհետեւ ամուսնութիւնը հիմնուած է ողջախոհութեան վրայ, այր ու կին պէտք է զգուշանան բղջախոհութենէն եւ չապականեն իրենց ամուսնական միութեան սրբութիւնը պոռնկութեամբ եւ շնութեամբ:
Ամէն ողջամիտ մարդ, առանց ալեւայլի պիտի ընդունի որ իր զգացումները ու իր կիրքերը կը պահանջեն հակակշիռ մը, ըլլայ իր անհատական բարիքին, ըլլայ ընկերային խաղաղ կենակցութեան պահպանումին համար: Կարելի չէ նկատել մարդը իբր կոյր դրդրումներէ առաջնորդուած արարած մը: Իւրաքանչիւր արարած պէտք է ընդունի կարեւորութիւնը հսկելու եւ լաւ ուղղելու իր կիրքերը եւ գրգռումները: Դրդրումները յաճախ մերթ կրնան մղել մարդը գործելու բաներ, որ երբեք մտքերնէս պիտի չ՛անցներ գործել, նմանապէս հետեւիլը այս գրգռումներուն անտրամաբան է ու անպարկեշտ:
կարեւոր է որ ամենայստակ կերպով տեղեակ ըլլանք մեր գրգռումներուն ու կիրքերուն բնութեան եւ թէ ինչ կապ ունին բարիին ու չարին հետ: Անշուշտ ասոնք բնական ձգտումներ են որ Աստուած տուած է մեզի լաւ նպատակի մը համար: Պայքարները պիտի ծագին մեր մտքին մէջ, որովհետեւ լիովին բնական է մարդկային էակին համար, որովհետեւ աշխարհի միակ արարծներն ենք որ մեր մէջ կը միացնենք այդ երկու եզրերը` հոգին եւ նիւթը: Բնական բան մըն է ուրեմն որ ստորին ախորժները, ձգտելով կուրօրէն գործել, ցանկան իրերու, որ պայքարի մէջ են աւելի բարձր պարտաւորութեան հետ: Սակայն միւս կողմէ շատ լաւ սպառազինուած ենք մղելու համար այս պայքարը եւ այս պայքարը յաղթահարելու համար ունինք Աստուծոյ ուժը որ լիովին կ՛օժանդակէ մեզի:







All the contents on this site are copyrighted ©.